2013-10-26 12:58:30

Ասսիզիի ֆրանչիսկեան սրբավայրի մէջ աղօթքի հսկում` աշխարհի ու մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, մասնակցութեամբ Երուսաղէմի լատին պատրիարքին։


Իտալիոյ Ասիզի ֆրանչիսկեան սրբավայրի մէջ, կիրակի 27 հոկտեմբերին, տեղի կ'ունենայ զանազան կրօներու ներկայացուցիչներու աղօթքի հանդիպում` աշխարհի խաղաղութեան համար։ Սոյն նախաձեռնութիւնը, որ ամէն տարի կը կրկնուի, սկիզբ առած է Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 1986-ին, խաղաղութեան ի սպաս կազմակերպած կրօններու հաւաքի առիթով։
2013-ի աղօթքի հանդիպումը նուիրուած է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Արարողութիւնը կը գլխաւորէ Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, մասնակցութեամբ թեմի առաջնորդին, ֆրանչիսկեան կրօնաւորական ընտանիքին, միջկրօնական հարցերու միջազգային տնօրէն` ռաբունապետ Դաւիթ Ռոզենի եւ Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ընդհանուր քարտուղար` տոքթոր Մոհամետ Սամմաքի։
Աղօթքի արարողութիւնը սկիզբ կ'առնէ կիրակի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան։ Թեմի առաջնորդը ձիթենիի ոստ մը կը նուիրէ պատրիարքին, ապա պատուիրակութիւնը թափօրով կ'ուղղուի ս. ֆրանչիսկոս պազիլիքայի գետնայարկը, ուր տեղի կ'ունենայ աղօթք` Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։
Երեկոյեան սուրբ Ռուֆինօ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ աղօթքի հսկում որմէ ետք միջկրօնական հանդիպումը կ'եզրափակուի` խաղաղութեան նուիրուած համերգով։








All the contents on this site are copyrighted ©.